image

Հալէպի մէջ հայուհի Փաթիլ Չոլաքեան արկածի ենթարկուած. ան կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ

Հալէպի մէջ հայուհի Փաթիլ Չոլաքեան արկածի ենթարկուած. ան կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ

Հալէպահայ Փաթիլ Չոլաքեան ինքնաշարժի ծանր արկածի ենթարկուած է ու ապա վիրաւոր վիճակով փոխադրուած է Հալէպի «Մարթինի» հիւանդանոց։ 

Կը նշուի, որ ան կը գտնուի խստացուած բուժման դրութեան տակ եւ բժիշկները կը հսկեն անոր վիճակին։

Հայուհին ըլլալով ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժման պատասխանատու անդամ, դարձած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի ուշադրութեան կեդրոն եւ  տասնեակ օգտատէրեր շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքներ գրած են Փաթիլ Չոլաքեանին։