Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի օրհնական ներկայութեամբ Հալէպի մէջ օրերս ընթացք առած Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Տիկնանց պաշտամունք-հանդիպումներու շարքը։
Ստորեւ ատոր մասին «Արեւելք»ին ուղարկուած լրատւութիւնը՝
Հակառակ երկրի անապահով պայմաններուն, Հայ Աւետարանական Բեթէլ Տիկնանց Վարչութիւնը իր հաւատքի ոգիով կը շարունակէ իր հոգեւոր գործունէութիւնը։ Չորեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2025-ին, Բեթէլ Եկեղեցւոյ «Շիրաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ տիկնանց պաշտամունքը, որուն պատգամաբերն էր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։
Ան իր պատգամով քաջալերեց ներկաները մնալով հաւատարիմ Տէրոջ կանչին: Սոյն հոգեւոր հանդիպումը դարձաւ հաւատքի, մխիթարութեան եւ միաբանութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն՝ վկայելով Աստուծոյ անփոփոխ առաջնորդութիւնն ու ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։


