 
                    Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, օրերս, ընդունած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետը եւ Հայագիտական Հիմնարկի միաւորի վարչութեան անդամները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեանը, Հայագիտական Հիմնարկի միաւորի վարչութեան ատենապետ Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեանը եւ վարչութեան անդամ Յակոբ Ալապոզանեանը։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին Շրջ. Վարչութեան ատենապետը անդրադարձաւ Միութեան կրթական եւ մշակութային յառաջիկայ գործունէութիւններուն։ Ան Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը եւ հանդիսապետութիւնը խնդրեց 12 Հոկտեմբեր 2025-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունենալիք Հոգեհանգստեան արարողութեան՝ Համազգայինի Հին եւ Նոր ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Հայագիտական Հիմնարկի ատենապետը հրաւիրեց Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու հիմնարկի 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտի արարողութեան, Երեքշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2025-ին, Համազգային Մշակութային Կեդրոնէն ներս։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Համազգայինի անդամներուն մշակութանուէր գործունէութիւնը եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։