image

Գոռ Սուջեանն ու Միքայէլ Ոսկանեանը չեղարկած են մեծ համերգը` յաջակցութիւն Արցախին

Գոռ Սուջեանն ու Միքայէլ Ոսկանեանը չեղարկած են մեծ համերգը` յաջակցութիւն Արցախին

Գոռ Սուջեանի ու «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» խումբի մեծ համերգը չեղարկուած է յաջակցութիւն Արցախի։ Տեղեկութիւնը «Sputnik Արմենիա»ին յայտնած է երաժիշտ, թառահար Միքայէլ Ոսկանեանը։

«AFTERPARTY» խորագրով համերգը պէտք է կայանար 30 յուլիսին կանանց եւ նորարարութեան «FemInno» համաժողովի շրջածիրէն ներս։

«Կազմակերպիչների հետ որոշում կայացուեց չեղարկել համերգը, բայց աւելի փոքր ելոյթները չենք չեղարկի, որովհետեւ կարծում ենք, որ ակցիաներին զուգահեռ պէտք է տարածուի նաեւ հայկական մշակոյթը»,– նշած է երաժիշտը։

Ոսկանեանը տեղեկացուցած է, որ ինքն ալ պիտի միանայ արշաւներուն, քանի որ միշտ կը սատարէ Արցախին ու արցախցիներուն։