Գիւմրիի մէջ զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու, արդարադատութեան իրականացման խոչընդոտելու յատկանիշներով նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս 33 անձ ձերբակալուած է։ Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած են ՀՀ ՔԿ-էն։
Յիշեցնենք, որ երէկ իրաւապահները քննչական գործողութիւններ իրականացուցած են Գիւմրիի քաղաքապետարանէն ներս, որուն յաջորդած է Վարդան Ղուկասեանի ձերբակալութիւնը։
Քրէական վարոյթով ձերբակալուած է ութ անձ, այդ շարքին՝ Ղուկասեանը, քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ Հենրիկ Գասպարեանը։