«Ռոսսելխոզնադզօր»-ը (Ռուսիոյ անասնաբուժական եւ բուսասանիտարական վերահսկողութեան դաշնային ծառայութիւնը) սահմանափակող միջոցներ մտցուցած է Հայաստանէն կաթնամթերքի ներմուծման եւ ռուսական շուկային մէջ ատոր իրացման նկատմամբ՝ պատճառաբանելով վտանգաւոր վարակներու թափանցումն ու անվտանգութեան պահանջներուն չհամապատասխանող ապրանքներու տարածումը կանխելու անհրաժեշտութիւնը։
Ըստ ռուսական կողմի տարածած հաղորդագրութեան՝ այս որոշման նախորդած են յուլիս 14-էն 21-ը Հայաստանի կաթնամթերքի վերամշակման ձեռնարկութիւններուն մէջ կատարուած ստուգումները։ Այդ ընկերութիւններուն նախապէս թոյլատրուած էր արտադրանք մատակարարել Ռուսիա՝ Հայաստանի անասնաբուժական ծառայութեան տուած երաշխիքներու ներքոյ։
«Ռոսսելխոզնադզօր»էն յայտնած են, որ կատարուած տեսչական ստուգումները հաստատած են դեռ 2023-2024-ին արձանագրուած համանման խախտումները։ Ատոնք կը վերաբերին հետագծելիութեան համակարգի ապահովման, հումքի եւ պատրաստ արտադրանքի անասնաբուժական ուղեկցող փաստաթուղթերու ձեւակերպման, մուտքագրուող հումքի անասնաբուժասանիտարական փորձաքննութեան, ինչպէս նաեւ վտանգներու կառավարման եւ արտադրական վերահսկողութեան ծրագիրներու կատարման։
Ռուսական վերահսկիչ մարմինի պնդմամբ՝ ստուգումներու ընթացքին պարզուած է, որ Ռուսիա առաքուող ապրանքներու արտադրութեան համար օգտագործուած է վարակուած անասնագլխաքանակէ ստացուած կաթ։ Բացի այդ, ըստ յայտարարութեան, բացայայտուած են դէպքեր, երբ բարձր իւղայնութեամբ արտադրանքի թողարկման նպատակով կիրառուած է երրորդ երկիրներու հումք, չնայած հայկական կողմի՝ բացառապէս տեղական կամ ԵԱՏՄ երկիրներու հումք օգտագործելու նախկին հաւաստիացումներուն։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ մինչ օրս չէ ձեւաւորուած համակարգ, որ թոյլ կու տայ հաստատել արտադրութեան մէջ օգտագործուող կաթի կամ այլ կաթնային հումքի ծագումն ու անվտանգութիւնը։ Ըստ ռուսական կողմի՝ սա յատկապէս կը վերաբերի ֆիզիքական անձերէ մթերուող կաթին, որոնք չեն կրնար երաշխաւորել արտադրանքի անվտանգութիւնը։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տեղական տարրալուծարանային ենթակառոյցները բարելաւելու անհրաժեշտութեան։
«Ռոսսելխոզնադզօրը» նշած է, որ հայկական կողմը չի սպասարկեր գիւղատնտեսական արտադրողներու արդիւնաւէտ վերահսկողութիւնը, որ, ըստ ռուսական գերատեսչութեան, նաեւ Հայաստանի կառավարութեան 2019-ի բարեփոխումներու հետեւանք է։