Օրերս Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։
Սրբազանին հետ ծաւալած զրոյցը կը վերաբերէր «Ազդակ»-ի 100-ամեակին ընդառաջ ծրագրուուղ եւ ի գործ դրուած աշխատանքներուն, յատկապէս արխիւի մատենագիտութեան պատրաստութեան, գրեթէ հարիւրամեակ մը առաջ մեկնարկած թերթօններու հաւաքման ու հրատարակութեան եւ այլ ձեռնարկներու։
Սրբազանը յատուկ կերպով անդրադարձաւ իրենց շրջանին մէջ «Ազդակ»-ի հետեւորդներու մեծ լսարանին՝ ընդգծելով յատկապէս «Ազդակ»-ի ճամբով լիբանանահայութեան հաւաքական կեանքին իրազեկ դառնալու երեւոյթը։
Լուրը՝ «Ազդակ»էն