«Մուսալեռ-Այնճար» էջէն կը կարդանք՝
Կը շնորհաւորենք մուսալեռցի բժիշկ Սարգիս Գաբրիէլ Չանկուլեանը, որ կը վարէ Պէյրութի զինուորական հիւանդանոցի մուտքի բաժանմունքի պատասխանատու բժիշկի պաշտօնը։
2026 թուականի Յուլիս 1-ին ան արժանացաւ Փոխգնդապետ (Lieutenant Colonel) զինուորական աստիճանին՝ առ ի գնահատանք իր նուիրեալ ծառայութեան, մասնագիտական կարողութիւններուն եւ պատասխանատու աշխատանքի համար։
Կը մաղթենք բժիշկ Սարգիս Գաբրիէլ Չանկուլեանին նորանոր ձեռքբերումներ իր ծառայութեան եւ մասնագիտական ասպարէզին մէջ։
Լուրը՝ «Մուսալեռ- Այնճար» էջէն