Իրանի զինուած ուժերը անցեալ գիշեր անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով հարուածներ հասցուցած են Պահրէյնի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու «Շէյխ Իսա» եւ Յորդանանի «Ալ-Ազրաք» ռազմակայաններուն՝ խոցելով վառելիքի պահեստարաններն ու այլ ենթակառոյցներ։ Այս մասին հաղորդած է բանակի մամուլի ծառայութիւնը։
«Իրանի անօդաչու թռչող սարքերը հարուածած են վառելիքի պահեստները, պահեստարանները, սարքաւորումներով մեծ անկարները եւ ամերիկեան բանակի ուժերու տեղակայման վայրերը Պահրէյնի «Շէյխ Իսա» ռազմակայանին մէջ։
Գործողութեան ընթացքին անօդաչու սարքերով հարուածի ենթարկուած են նաեւ օդանաւերու նորոգման եւ սպասարկման անկարները, ինչպէս նաեւ Յորդանանի «Ալ-Ազրաք» ռազմակայանին մէջ ամերիկեան բանակի տեղակայման վայրերը»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։