image

Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգսեանի մասնակցութիւնը միջ-կրօնական հանգամանաւոր ժողովի(Լուսանկար)

Գերշ.  Տ. Մեսրոպ արք. Սարգսեանի մասնակցութիւնը    միջ-կրօնական  հանգամանաւոր   ժողովի(Լուսանկար)

ԱՄԷ-ի եւ Քաթարի  Թեմի Առաջնորդ   Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան  օրերս  մասնակցութիւն բերած է   միջ-կրօնական   հանգամանաւոր ժողովի։

 

 Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկացաւ  Թեմի  պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս.Սարգիսեան, Համերաշխութեան Նախարարութեան հրաւէրով, իր մասնակցութիւնը կը բերէ 6–7 Փետրուար, 2023-ին, երկօրեայ Հանդուրժողականութեան եւ Եղբայրութեան միջազգային համագումարին Ապու Տապիի մէջ։

Սոյն համագումարի նպատակն է շեշտել սրբազան քահանայապետին եւ Ալ Ազհարի իմամին միջեւ 2019-ին ստորագրուած եղբայրութեան համաձայնագրի կարեւորութիւնը։