image
Հրատապ լուրեր:

Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան այցելեց Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարարին

 Գերշ. Տ. Մակար  Արք. Աշգարեան այցելեց  Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարարին

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ այցելութիւն տուած է Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. Շէյխ Մուհամէտ Ապտուլ Սաթթար ալ-Սեյիտին, Թարթուսի իր գրասենեակէն ներս։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին  կը գրէ՝ 

Շաբաթ, 29 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. Շէյխ Մուհամէտ Ապտուլ Սաթթար ալ-Սեյիտին, Թարթուսի իր գրասենեակէն ներս։

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը կարեւոր համարելով Ազգ. Առաջնորդարան-Կրօնական Կալուածներու Նախարարութիւն յարաբերութիւնը, փափաք յայտնեցին պարբերական փոխադարձ հանդիպումներով զարգացնել զայն։ 

Սրբազան հայրը շեշտեց, որ Սուրիան քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններու խաղաղ գոյակցութեան երկիր է, ուր կը տիրէ փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան առողջ մթնոլորտ։

Կողմերը իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին երկրէն ներս ընթացք առած տնտեսական բարեփոխումներուն առիթով, մաղթելով որ այս բարեփոխումները դրականօրէն անդրադառնան ժողովուրդի առօրեային ու երկրի բարգաւաճման վրայ։

Այս առիթով, սրբազան հայրն ու պատուիրակութիւնը շնորհաւորեցին նաեւ Թարթուսի կրօնական կալուածներու տնօրէն շէյխ երկրչ. Ատալլա Սեյիտը՝ Մէքքէ իր ուխտագնացութենէն վերադարձին առիթով։

Սրբազանին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչը եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։