image

Մանկապարտէզը եւ Անտառը. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Մանկապարտէզը եւ Անտառը.  Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Երանի մեր սիրտին մէջ ունենանք մանկապարէզ մը, որ կը մօտեցնէ ցանկալի խաղաղութեան եւ կորսուած երջանկութեան, որոնք անհետացան մեր կեանքէն:

Կեանքին պատկերը աւելի կը գեղեցկանայ, երբ մեր մանկապարտէզի օրերը վերապրինք, այս անգամ գտնալով թէ գայլը մօտ է, բայց կը վախնայ սիրող սիրտէն, որ  շատ աւելի զօրաւոր է, քան ատելութիւնը: Սէրը, որուն դիմաց կը տապալի նախանձի հրէշը: 

 

 

Կեանքը մանկապարտէզի մթնոլորտի պէս էր: Պարզութիւն, ժպիտ, ուրախալի վիճակ, անկաշկանդ ընթացք, ներկան պայծառ, եռանդը անսպառ, վարդագոյն երազ, կապոյտ երկինք եւ կանաչ ճանապարհ: Այդպէս էր...: Հիմա անտառի օրէնք կայ, յափշտակիչ գազաններ, փոթորկոտ պահեր, սիրտ խոցող եւ հոգին տրտմեցնող տագնապներ: Կեանքը անտառի վերածուեցաւ...։

Մանկապարտէզի շրջանին կ`երգէինք "Մենք կը խաղանք անտառին մէջ ...գայլ գայլ ու՞ր ես դուն": Հիմա այդպէս երգելու պէտք չունինք, քանի  գայլերը արդէն մեզ կը շրջպատեն, կու գան խլելու ամօթը գիտցող եւ խիղճ ունեցող մարդոց իրաւունքները:

Մանկապարտէզի տարիներու մեր պատկերացուցած "պարտէզ"ը անտառի վերածուեցաւ: Բողբոջի փոխարէն փուշեր շատցան, կոկոնի տեղ թունաւոր խոտեր աճեցան եւ ծաղիկի փոխարէն կեղծ կամ արուեստական վարդեր մէջտեղ ելան, որոնք ունին գեղեցիկ գոյն, բայց չունին բուրմունք:

Երանի մեր սիրտին մէջ ունենանք մանկապարէզ մը, որ կը մօտեցնէ ցանկալի խաղաղութեան եւ կորսուած երջանկութեան, որոնք անհետացան մեր կեանքէն:

Կեանքին պատկերը աւելի կը գեղեցկանայ, երբ մեր մանկապարտէզի օրերը վերապրինք, այս անգամ գտնալով թէ գայլը մօտ է, բայց կը վախնայ սիրող սիրտէն, որ  շատ աւելի զօրաւոր է, քան ատելութիւնը: Սէրը, որուն դիմաց կը տապալի նախանձի հրէշը: 

Ահա թէ ինչո'ւ  սէրն է անմեղութեան արմատը եւ կեանքի մեծագոյն երգը:

Սէր եթէ կայ, կը նշանակէ տակաւին կարելի է անտառի նմանող այս աշխարհին մէջ մանկապարտէզը ապրիլ հոգիով:

Երբ նայինք ներկայ կացութեան անմիջապէս կը նկատենք թէ մեղքի ցուցահանդէս կայ, անօրէնութեան բաց շուկայ, չարին հետ սակարկութեան թեմայ։

Սուտը հրապուրիչ եւ գրաւիչ եղած է։

Դրամը` կուռք, ցանկութիւնը` անզուսպ, կիրքը` անսանձ, ամօթը` խորթ, խիղճը` կորսուած, խաբեբայութիւնը` դրամագլուխ, մեղքը` ցուցահանդէս եւ մոլութիւնը` գերիշխող ներկայութիւն:

Միտքը զարգացաւ, գիտութիւնը ընդարձակ դաշտ ունեցաւ, մարդը լուսին հասաւ եւ ովկիաններու յատակը իջաւ, մոլորակներու մասին հարուստ տեղեկութիւններ ունեցաւ, հնութիւնները պրպտեց, նորութիւններ փոխանցեց, պատմութիւն կերտեց...բայց ներկան պղտորեց, դէպի ապագայ տանող կամուրջը քանդեց, հպարտացաւ, շնորհքին դերը ուրացաւ եւ խոնարհիլ մոռցաւ: Կարծեց թէ ՏԷՐ է, անտեսեց իր ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ  ըլլալու իրականութիւնը: Ազատութիւնը շահագործեց չար նպատակներու համար: Առիթները օգտագործեց միայն իր բարիքին համար: Սէրը բանտարկեց ԵՍԻՆ մէջ: Մարդը ուզեց շահիլ չափազանցութեամբ, ուզեց հաւաքել ծայրայեղութեամբ, ուտել յափշտակութեամբ եւ նոյնիսկ փորձեց ուրիշին կերածը կոկորդէն հանել հրէշութեամբ:

Մարդը Աստուծոյ տուածը ՎԱՏՆԵՑ: Ահաւասիկ այդ վատնելը բարոյական սնանկութեան հասցուց ընտանիքները, հոգեւոր սովութեան հասցուց ընկերութիւնները, եւ մարդկային կեանքը զրկուեցաւ բարիէն, գեղեցիկէն եւ վայելուչէն։

Աշխարհը կը տառապի մարդուն չարութեան հետեւանքով: Իսկ մարդը ՄԵՂՔԻՆ անախորժ համեմները գործածելով ԱՆՀԱՄ յարաբերութիւն կը մշակէ իր ԱՐԱՐԻՉԻՆ եւ իր ՆՄԱՆԻՆ հետ:

Մանկապարտէզի օրերը անմեղութեան եւ պարզութեան պատկերը ցոյց կու տային։ Երանելի օրեր, որոնք մեր մտքին մէջ կը մնան որպէս խորհրդաւոր յուշատետրի "մաքուր" էջեր` բարոյական բարենիշով զարդարուած։

Յիսուս Քրիստոս կը թելադրէ ըսելով."Եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք"։(Մտ 18.3) Ահաւասիկ հոգեշահ յորդոր մը, ոսկի բանալի մը, որոնց շնորհիւ կարելիութիւն պիտի ունենանք երկինքի արքայութեան բնակիչ դառնալու։ Մանուկներու պէս ըլլալ, այսինքն անմեղ հոգիով եւ հեզ սրտով ապրիլ։ Անկեղծութեամբ եւ սորվելու տրամադրութեամբ ապրիլ, չարանենգ միտքերէ խուսափիլ, հպարտանալու խաբկանքէն հրաժարիլ, ճշմարտութեան կառչիլ, դրական ըլլալու ձգտիլ, հրեշտականման սուրբերուն օրինակէն ներշնչուիլ, բարութեամբ խօսիլ եւ կեանքին պատկերը գեղեցկացնելու նուիրական գործին լծուիլ։

Մանուկներու պէս ըլլալով միայն պիտի կարենանք սրբութեամբ տաճարանալ, շնորհքով պայծառանալ եւ ներաշխարհով հարստանալ։

"Մանուկներու պէս", ի՜նչ քաղցր տէրունական հրաւէր, մարդավայել ապրելակերպի ուսուցում եւ մանկական աշխարհէն դասեր քաղելու թելադրութիւն։

Մանուկներու պէս ըլլալը անհնար է եսասէրին, անձնակեդրոնին, քմահաճին, այլամերժին եւ քարասիրտին համար։ "Եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք" ։ Քրիստոսի այս պարզ խօսքերը պայման են արքայութեան հասնելու համար, "եթէ չփոխուիք" բառերը նաեւ ցոյց կու տան թէ մենք ունինք ընտրութիւն կատարելու պատեհութիւն։

Մանկապարտէզի կարօտով կ`ապրինք, վերյիշելով մանկութեան երգերն ու կանչերը, անմեղ խաղերն ու տպաւորիչ աղօթքները։ Բառացի իմաստով մանկանալը կարելի չէ, բայց մանուկի հոգեկան աշխարհ ունենալու ուղի մը կայ, սրբաշող եւ մշտադալար ուղի, որմէ անցնելու համար կարեւոր է տեսնել մեղքին բիծը, որ կը ոտնակոխէ "Աստուծոյ պատկերը եւ նմանութիւնը" ունենալու մեր սրբազան պատիւը եւ բարոյական արժէքը։ Տեսնել մեղքին բիծը, զգալ անօրէնութեան հետեւանքները, որպէսզի առաքինութեամբ բարեզարդուինք եւ գէթ մասամբ մը մանկապարտէզը վերապրինք` անտառի օրէնքին փոխարէն։

"Եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք..."։ Եթէ չփոխուինք մեղքի անտառին մէջ պիտի կորսուինք, իսկ եթէ մանուկներու պէս ապրինք, մեր ներաշխարհը պիտի մնայ խաղաղ` գարնան նման ծաղկուն եւ սրբութեամբ օծուն։

Վերջին ժամանակներուն տարօրինակ փոփոխութիւններ ականատես վկաները եղանք: Անբնական վիճակներու մէջ ապրեցանք: Ծանր պայմաններէն յոգնեցանք: Փշաբեր մեղքէն վիրաւորուեցանք: Տրտմութեան բաժակէն բաժին ունեցանք: Մարդկային կեանքը եղաւ սուգի մթնոլորտ, տխուր իրականութիւն մը տիրեց: Ողբալի լուրեր սիրտեր խոցեցին, մութ ձեռքեր կուռքեր շինեցին, անկուշտ աչքեր պղծութիւն փնտռեցին, խուլ խիղճեր ճշմարտութիւնը մերժեցին, քար սիրտեր արդարութեան քարոզիչներուն քարկոծեցին, եսապաշտներ անյագ կիրքով արժէքները արհամարհեցին եւ կեանքը տգեղցնել փորձեցին: Այս իրավիճակին դէմ պայքար մղելու գործնական միջոցը մանուկներու պէս ըլլալլն է։ Նենգամտութեամբ եւ  չարամտութեամբ ապրող  մարդը մեղքի տարածման գործին մասնակից կը դառնան, իսկ մանուկներու հոգիով ապրողները բարութեան, անմեղութեան եւ պարզութեան քարոզիչներն են իրենց ապրելակերպով, այլ խօսքով այդպիսիներ կեանքը չեն բարդացնէր, այլ` հարազատ ոճով բնական կեանքի արտայայտիչը կը դառնան եւ խորհրդաւոր մանկապարտէզի ներկայացուցիչը կը հանդիսանան։

 

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

 

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...