Հալէպահայ ազգային բարերար եւ վերջին ամեակներու Երեւան հաստատուած Տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան, որ վերջերս կը գտնուէր՝ Հալէպ այցելութիւն տուած է «Կրթասիրաց» վարժարան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուած լրատւութիւնը՝
Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ին, Հայաստանէն ժամանած բարերար տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան եւ Ֆրանսայէն ժամանած բարերար տէր եւ տիկ. Տիգրան Ճէրէճեան այցելեցին Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարան եւ Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցան միութեան խնամակալութեան եւ անդամներուն հետ։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, այցելուները միութեան անդամներուն մաղթեցին առաւել ոյժ եւ կորով, որպէսզի Կրթասիրացի յառաջիկայ ծրագիրները, յատկապէս վարժարանի եւ միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ պսակեն։