image

Պէյրութի մէջ. Ազգային Միացեալ Վարժարանի ամավերջին հանդէսն ու 7-րդ հունձքը (Լուսանկարներ)

Պէյրութի մէջ. Ազգային Միացեալ Վարժարանի ամավերջին հանդէսն ու 7-րդ  հունձքը (Լուսանկարներ)

Ազգային Միացեալ Վարժարանը տուած է «Խաղաղութեան կայծեր` վաղուան արշալոյսին» Խորագրեալ իր Եօթներորդ Հունձքը։ Ամավերջի հանդէսը տեղի ունեացած է հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն, որ այս մասին  մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Ազգային Միացեալ վարժարանի երկրորդական բաժինի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 12 յունիս 2024-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Հանդիսութեան սկիզբը աւարտական դասարանի 15 շրջանաւարտները ծափողջոյններով դիմաւորուելէ ետք  բեմ բարձրացան, ապա Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ վարժարանի  քայլերգները ներկայացնելէ ետք անոնք հանդէս եկան «Աշխարհիս խաղաղութիւն եւ մաքրութիւն է պէտք» թեմայով` անհատական խօսքերով, ասմունքներով ու խմբերգներով:

Բեմական պատկերը կը ներկայացնէր աշխարհի մէջ կատարուած անարդարութիւնները, պատերազմները, անիրաւութիւններն ու անօրէնութիւնները, մանուկներու` յատկապէս Արցախի մանուկներու խլուած իրաւունքները, մարդոց իշխանատենչութեան ու մրցակցութեան խօլ արշաւին հետեւանքները, մէկ խօսքով` խաթարուած մարդկութիւնը, ու անոր դիմաց մեծ վստահութեամբ ապառաժի պէս կանգնած նոր սերունդը, շրջանաւարտներու փաղանգը` իրենց ուսումնատենչութեամբ, իրենց անմար երազներով ու յոյսերով` բարձունքներ մագլցելու, իրենց պատրաստակամ ոգիով նոր մարտադաշտ նետուելու, իրենց ոտք կոխած միջավայրը ծաղկաստանի եւ մաքուր ու խաղաղ միջավայրի վերածելու իրենց իղձերով ու խոստումներով գրաւեցին ներկաներուն ուշադրութիւնը եւ յուզեցին զանոնք:

Հայերէն եւ անգլերէն յուզումնախառն խօսքերու, ասմունքներու եւ տեսերիզներու զուգընթաց` անոնք ներկայացուցին  «Ապրել խաղաղ» եւ «Մարտում» երգերը, իսկ արաբերէնով «Հուլմ» երգը` շեշտելով իրենց երազին կարեւորութիւնն ու աշխարհի մէջ  հերոսներ դառնալու իրենց բուռն փափաքը: «Կտոր մը երկինք բաւ է մեզի, երազելու չափ երկինքին…»  խօսքին միացաւ Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինք» երաժշտութեամբ չորս աղջիկներու երազային ու խորհրդաւոր պարը, որ յաւելեալ գոյն ու երանգ տուաւ բեմական պատկերին: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ “We Are the World” երգախառն տեսերիզով մը, որ կը ներկայացնէր դպրոցին մէջ շրջանաւարտներու յիշատակելի վայրկեաններն ու անոնց հրաժեշտի պահը` իրենց տաք օճախէն, դասընկերներէն, ուսուցիչներէն ու տնօրէնութենէն:

Անգլերէն երգի ընթացքին, շրջանաւարտները բեմէն իջնելով, յուշանուէրներով ուղղուեցան դէպի իրենց ծնողներն ու համբոյրներով եւ ողջագուրումներով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին անոնց:

Բեմական պատկերին յաջորդեց վարժարանի վահանի փոխանցումը, երբ երկու շրջանաւարտներ` Սաւիօ Աւետիքեան եւ Ռիթա Ղարիպեան, վարժարանի վահանը յանձնեցին տասնմէկերորդ դասարանի աշակերտներուն` Հելենա Քէշիշեանին ու Ռազմիկ Մազաքեանին, որոնք, իրենց կարգին, խոստացան դպրոցական «կտակ»-ին տէրը դառնալ եւ իրենց աշխատունակ ոգիով ու աշակերտավայել տիպար կեցուածքով վարժարանին անունը միշտ բարձր պահել:

Վահանի փոխանցման յաջորդեց հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանուած ուղերձները` շրջանաւարտներ Մարիա Խաչատուրեանի, Ռուբինա Ալլուսի, եւ Լէոնարտօ Խայեաթի կողմէ: Ուղերձները իւրայատուկ էին անով, որ շրջանաւարտները արժեւորեցին հայ դպրոցը, անոր սրբազան առաքելութիւնն ու հայակերտ դերը: «Միացեալի մէջ միացած, զօրացած ու ամրացած, միացեալ հայրենիք կազմած` հայոց ազգի մանուկները կը սորվէին` ինչպէս հա՛յ մեծնալ ու մա՛րդ դառնալ, դառնալ Մաշտոց ու Վարդան, դառնալ Դաւիթ Բէկ ու Արամ Մանուկեան, դառնալ հերոս ու ստեղծել խաղաղ երկինք», ըսաւ Մարիա Խաչատուրեան: Ապա, իրենց շնորհակալական խօսքերը արտասանելէ ետք` իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, անոնք խոստացան իրենց պապերուն կտակին տէրը դառնալ եւ իրենց խօսքը, գրիչն ու գործը նուիրել` յանուն աշխարհի խաղաղութեան ու բարօրութեան:  «Սիրելի՛ դասընկերներ, հողեր զիջելու տեղ մեր հողին տէրը դառնանք, շինե՛նք ու շէնցնե՛նք այնպէս մը, որ աշխարհ դողայ մեր շինելու տենդէն. շինե՛նք ու շէնցնե՛նք այնպէս մը, որ մարդկութիւնը ճանչնայ, որ ո՛ւր հայ կայ, հոն կայ կեա՛նք, հոն կայ աւի՛շ, հոն կան բարձունքներ ու յաղթանակ…»:

Ապա վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեանը ողջունեց բոլոր ներկաները եւ անդրադարձաւ անցնող կրթական տարեշրջանի հիմնախնդիրներուն եւ զանոնք յաղթահարելով` վարժարանին ձեռք բերած արդիւնքներուն:

Ան ըսաւ, որ 2023-2024 տարեշրջանը եղաւ կրթական բնականոն  տարի մը, երբ ծնողք, աշակերտ եւ ուսուցիչ իրենց ճիգերն ու կեդրոնացումը լարեցին հայ կրթական օճախը դարձնելու այն հարազատ միջավայրը,  ուրկէ բաժնուիլը պիտի ըլլայ դժուար, ինչո՞ւ չէ, անկարելի: Ան աւելցուց, որ տնտեսական թէ ընկերային բազում հարցերը կարելի եղաւ բարւոք ձեւով լուծել` շնորհիւ վարժարանին անձնակազմին բծախնդիր, գիտակից ու միակամ ճիգերուն` ապահով  ու հեզասահ ձեւով տարեշրջանը հասցնելով իր աւարտին:

Գրիգոր Էքմէքճեան նաեւ ըսաւ, որ կրթական ծրագիրներու կողքին, անցնող տարեշրջանին ակներեւ էին արտադասարանային կեանքի աշխուժացումն ու վերելքը` ծնողական զանազան հանդիպումներ, միջնակարգի աշակերտներուն համար հանդիպումներ ընկերային ծառայողին հետ` ծանօթանալու իրենց առօրեայ կեանքը յուզող հարցերուն եւ գիտակից դարձնելով զիրենք շրջապատող ամէն տեսակի վտանգներուն:

Ըստ անոր, դպրոցին մէջ հոգեբաններու մնայուն ներկայութիւնն ու անոնց հետեւողական աշխատանքը մեծապէս օժանդակեցին մօտէն հետեւելու եւ նեցուկ կանգնելու բոլոր այն աշակերտներուն, որոնք կարիքը ունէին զանազան ցուցմունքներու եւ օժանդակութեան: Ճինիշեան հաստատութեան եւ Right to Play կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, նոյեմբեր ամսուան ամբողջ տեւողութեան վարժարանին բոլոր աշակերտներուն անխտիր տրամադրուեցան սննդարար ուտելիքներու տուփիկներ եւ ամէն ուրբաթ կէսօրէ ետքերը նախակրթարանի դասարաններուն համար կազմակերպուեցան արտադպրոցական զանազան խաղեր ու աշխատանոցներ:

Կրթական տնօրէնը տեղեկացուց, որ բարձրագոյն կարգերէն խումբ մը աշակերտներ մասնակցեցան Հայկազեան համալսարանի կողմէ ընթացք առած Model United Nations ծրագիրին, որ յաջողեցաւ անոնց մտային աշխարհը տանիլ դէպի աւելի լայն հորիզոններ, իսկ վարժարանի աշակերտները իրենց մասնակցութիւն բերին եւ վարժարանը ներկայացուցին գաղութին մէջ տեղի ունեցած զանազան մրցումներուն եւ հանդիպում-խորհրդաժողովներուն, ԼԵՎԱՄ-ի բոլոր մարզախաղերուն` անհատական թէ խմբային, արձանագրելով փայլուն արդիւնքները: 2024-ին ալ մայիս ամսուան 20-ին նշուեցաւ Միացեալի օրը` UAC Day-ը` յիշատակելի դարձնելով այս օրը, իսկ դպրոց-աշակերտ-ծնողք կապը` անքակտելի:

Գրիգոր Էքմէքճեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ. «Սիրելի՛ աշակերտներ, եւ այսպէս դուք կ՛աւարտէք ձեր դպրոցական կեանքը, ձեր կեանքի առաջին փուլը: Շուրջ 15 տարիներ երկարող փուլ մը, որ լեցուն էր հարազատութեամբ, սիրով ու ջերմ ապահովութեամբ, սակայն նոյն ատեն հարուստ` յիշատակներով ու այնպիսի դասերով, որոնք սովորական դասագրքերէ դուրս էին, սովորական դասագրքերէ վեր էին. դասեր, որոնք ձեզ պատրաստեցին յատկապէս այս օրուան, որովհետեւ դուք այսօր կանգնած էք խաչմերուկի մը դիմաց եւ պիտի կատարէք ձեր յառաջիկայ ուղիին ընտրութիւնը: Այս ընտրութիւնը ոչ ոք պիտի կատարէ ձեզի համար, այլ դուք, վստահելով նախ ձեր անձերուն վրայ, ապաւինելով ձեր մտային եւ, ինչո՞ւ չէ, ձեր բազուկներուն վրայ, պիտի ընտրէք լաւը, պիտի ընտրէք բարին, պիտի ընտրէք ճշմարիտը:

«Մի՛ վախնաք երբեք, մի՛ տատամսիք երբեք, որովհետեւ այս վարժարանը, ձեր ուսուցիչները արդէն իսկ ձեզի յանձնած են այն բոլոր զէնքերը, որոնց պէտք պիտի ունենաք ձեր կեանքի ընթացքին: Ո՛ւր ալ գտնուիք, մերժեցէք չարը, մերժեցէք սուտը, մերժեցէք տկարութիւնը, ամէն բանէ վեր եւ ամէն բանէ առաջ պահեցէք ձեր պատիւն ու արժանապատուութիւնը:

«Գացէք, ձեր եւ ձեր ծնողներուն անունները փայլուն տառերով գրեցէք, ձեր ազգը ձեզմով հպարտ պահեցէք եւ ապա գագաթներ նուաճելէ ետք վերադարձէք տուն, ձեզի ծնող ազգին գիրկը եւ նոր սերունդին ձեռքը բռնելով` հասցուցէք զայն ձեզմէ աւելի վեր»:

Տնօրէնութեան խօսքէն ետք կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` միջնակարգի եւ երկրորդական կարգի փայլուն արդիւնքներ ձեռք բերած աշակերտներուն, որոնք ստացան արժէքաւոր գիրքեր, հայագիտական նիւթերու «Գեղանի Էթիէմէզեան յիշատակի ֆոնտ»-ի նիւթական պարգեւներ, ինչպէս նաեւ երկու համակարգիչ` տրամադրուած բարեսիրական հաստատութենէ մը:

Մրցանակաբաշխութեան յաջորդեց վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ Շահէ արք. Փանոսեանի, խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, վարժարանի կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեանի եւ վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի: Վկայական ստացան ԺԲ. դասարանի կենսագիտական բաժինէն` Աւետիքեան Սաւիօ, Գասպարեան Նարեկ, Խայեաթ Լէոնարտօ, Խաչատուրեան Մարիա, Հաճէնեան Գարին, Պետրոս Մեղրի, Պօղոսեան Բալիկ: ԺԲ. դասարանի տնտեսագիտական բաժինէն` Ալլուս Ռուբինա, Աղպոշեան Գօգօ, Ղարիպեան Ռիթա, Մխմելճեան Արենի, Չիչեան Գլարիթա, Տեկիրմենճեան Մարիա: BT3 վարչագիտական բաժինէն` Լեփեճեան Սերենա, Ճտըրեան Էմմանուէլ:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ անդրադարձաւ հայ դպրոցի անփոխարինելի դերին ու հայ դպրոցի անհրաժեշտութեան` հայ կեանքին մէջ. «Մեր դպրոցները հայութեան կեանքին համար արդիւնք կը պատրաստեն, այդ պատճառով կ՛ողջունենք հայ դպրոցը եւ հայ դպրոցին վաստակը, որ տարուէ տարի կը ճոխացնէ եւ կը նորոգէ մեր կեանքը` այնտեղ զետեղելով նոր դէմքեր, որպէսզի իրենց վաստակով յարատեւէ մեր համայնական կեանքը»: Այս առիթով սրբազան հայրը բարձր գնահատեց նաեւ հայ դպրոցը արժեւորող հայ ծնողները. «Սիրելի՛ ծնողներ, կը մաղթեմ, որ մեր ժողովուրդը առանց խտրութեան հետեւի ձեր օրինակին` վստահ ըլլալով, որ իրենց զաւակները հայ դպրոցի ծոցին մէջ յաջողապէս կը պատրաստուին կեանքին համար, ինչպէս նաեւ` մեր ազգին համար»: Սրբազան հայրը աւելցուց, որ մեր շրջապատին մէջ կան շատ դպրոցներ, երբեմն` փայլուն ու շողշողուն անուններ, բայց միայն հայ դպրոցը  կայ մեր կեանքը ոռոգող ու նորոգող` իբրեւ անխախտ կառոյց եւ հաստատութիւն: «Միայն հայ դպրոցն է, որ հայութեան կեանքին կը պատրաստէ մեր զաւակները: Միայն հայ դպրոցն է, որ մեր սրտին գոհացում կը պատճառէ, որովհետեւ երբ  մեր զաւակները  հայ դպրոցին կը յանձնենք, մենք  կը փափաքինք, որ մեր կեանքը մեր ազգին արժէքներով գոյատեւէ», շեշտեց ան:

Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` սրբազան հայրը ըսաւ. «Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, կասկած չունինք, թէ հայ դպրոցը ձեզ պատրաստեց վաղուան ձեր կեանքին համար, բայց մեր սպասումն է, որ յաճախակիօրէն դուք ներկայութիւն ըլլաք մեր կեանքէն ներս, որուն համար հայ դաստիարակը, ձեր ծնողքը, ինչպէս նաեւ մեր ամբողջ ժողովուրդը յուսացին, հաւատացին եւ տքնեցան: Բարի երթ կը մաղթենք ձեզի, բայց` ոչ հրաժեշտ առնելու համար ձեզմէ, այլ ձեզ գործօն դերակատարութեամբ ողջունելու տարբեր շրջանակներու մէջ, տարբեր բեմերու վրայ, իբրեւ երիտասարդներ, որոնք տալիք ունին