image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Մահացած է հանրայայտ բանաստեղծ՝ Զարեհ Խրախունիի (Ճիւմպիշեան) կողակիցը՝ Մառլէն Ճիւմպիւշեան

 Պոլսոյ մէջ. Մահացած է հանրայայտ բանաստեղծ՝ Զարեհ Խրախունիի (Ճիւմպիշեան) կողակիցը՝ Մառլէն Ճիւմպիւշեան

Օրերս Պոլսոյ մէջ եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան կերտիչներէն՝ Զարեհ Խրախունիի (Բուն անունով Արթօ Ճիւմպիւշեան) կողակիցը՝ Տիկն. Մառլէն Ճիւմպիւշեան։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականէն, ուր խմբագիր Տիար Բագրատ Էսդուքեան հակիրճ մահագրական մը ձօնած է հանգուցեալի յիշատակին։

 Ստորեւ այդ մասին լոյս տեսած մահագրականը։

«Երբ կ՚ու­նե­նաք ձեր տու­նը, տան զար­դա­րան­քը պիպ­լո­ներու փո­խարէն գրա­դարա­նը թող ըլ­լայ»։

Այսպէս կը յի­շէր մեր ըն­կե­րու­հի­ներէն մէ­կը իր Էսաեան Վար­ժա­րանի հա­յերէ­նի եւ բա­րոյա­գիտու­թեան ուսուցչու­հի Մառ­լէն Ճիւնպիւ­շեանը։

Երբ ըն­կերնե­րով մէկ­տե­ղուած էինք Պո­յաճը­գիւ­ղի եկե­ղեց­ւոյ բա­կը, ու­րիշներ եւս բե­րին վկա­յու­թիւններ, հաս­ա­տելու հա­մար իրենց եր­բեմնի ու­սուցչու­հիի ազ­նիւ վար­քը, իր աշա­կերտնե­րուն հան­դէպ։

Մառ­լէն Ճիւմպիւ­շեան բա­ցի դպրո­ցական մի­ջավայ­րի մէջ գո­յացու­ցած ջերմ յի­շատակ­նե­րէն, կ՚ոգե­կոչո­ւի նաեւ պոլ­սա­հայ գրա­կան մի­ջավայ­րի որոշ մէկ շեր­տին մէջ իր տի­պար կե­ցուած­քով։

Ար­դա­րեւ ան կո­ղակիցն էր պոլ­սա­հայ բա­նաս­տեղծու­թեան հսկա­ներէն Ար­թօ Ճիւմպիւ­շեանի, կամ գրչա­նու­նով՝ Զա­րեհ Խրա­խու­նիի։Զահ­րատ, Շի­կահեր, Խրա­խու­նի, Սա­րըաս­լան եւ Հատ­տէ­ճեան հա­սարա­կած եզ­րը նախ Մխի­թարեանի եր­դի­քին տակ, ապա «Մար­մա­րա»ի էջե­րուն ձե­ւաւո­րած խմբակ մըն էին, որ իրենց դրոշ­մը թո­ղու­ցին ժա­մանա­կակից պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թեան վրայ։ Զի­րենք ամ­բողջաց­նող բնա­կան տարրն էին Անա­հիսը, Մառ­լէ­նը, Մա­րին, Սիւ­զա­նը։

Այդ մի­ջավայ­րի մէջ Մառ­լէն կը պա­հէ աւան­դա­պաշտ կնոջ կեր­պար մը, յատ­կա­պէս իր հիւ­րա­մեծար­ման սկզբունքնե­րով։

Մառ­լէ­նէ ետք ո՞ր հայ տան տի­կինն է որ սուրճի հետ պի­տի մա­տու­ցէ իր պատ­րաստած թու­զի անու­շը, ար­ծա­թեայ պնա­կի եւ նոյնպէս փոք­րիկ երկճիւղ պա­տառա­քաղի հետ բա­ժակ մը պաղ ջու­րի ըն­կե­րակ­ցութեամբ։

Յի­շատա­կը քաղցր է, հողն ալ թե­թեւ ըլ­լայ իր չար­չա­րուած մարմնի վրայ։