image

Իրանի մէջ մեկնարկած է նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլը

Իրանի մէջ մեկնարկած է նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլը

Իրանի մէջ մեկնարկած է նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլը: Երկրի հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Խամենէին եղած է առաջին քուէարկողներէն, յայտնում է «ԻՌՆԱ»-ն։

Նշենք, որ նախագահի պաշտօնի համար կը պայքարին բարեփոխիչ Մասուտ Փեզեշքիան, որ առաջին փուլին ստացած էր ձայներու 42,32%-ը, եւ պահպանողական Սաիտ Ճալիլին, որ հաւաքած էր 39,51%:

Երկրի Ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ 14-րդ նախագահական ընտրութիւններուն քուէարկելու իրաւունք ունի մօտ 62 միլիոն ընտրող։ Երկրով մէկ կը գործէ աւելի քան 59 հազար ընտրատեղամաս։  Ընտրատեղամասերը բացուած են տեղական ժամանակով ժամը 08:00-ին եւ պիտի փակուին 18:00-ին:

Կը սպասուի, որ ընտրութիւններու առաջին արդիւնքները կը հրապարակուին կէսգիշերին, իսկ վերջնական արդիւնքները կը հրապարակուին վաղը։

Իրանի մէջ նախագահական ժամկէտը 4 տարի է. նախագահը կրնայ ընտրուիլ առաւելագոյնը 2 անգամ անընդմէջ։