Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեկնած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Շուշի եւ Ստեփանակերտ քաղաքներ:
Ինչպէս յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Շուշիի մէջ ան մասնակցած է Հանրային ծառայութիւններու կեդրոնի բացմանը, իսկ Ստեփանակերտի մէջ ծանօթացած է, այսպէս կոչուած, «Ղարաբաղի համալսարան»-ին մէջ (Արցախի պետական համալսարան-Խմբ.) կատարուած աշխատանքներուն: