Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խորհրդականներէն՝ Լունա Ալ Շըպըլ ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Սուրիոյ մասին լուրեր տարածող դիմատետրեան էջերէ։
Կը հաղորդուի, որ արկածը տեղի ունեցած է մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, որմէ ետք շտապ օգնութեան մեքենաներ փութալով դէպքի վայր ծանրօրէն վիրաւորուած Լունա Ալ Շըպըլը փոխադրած են «Ալ Շամի» հիւանդանոց։
Կարգ մը աղբիւրներ յաւելած են, որ վիրաւորեալի վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Շըպըլ Սուրիոյ նախագահի մամուլի հարցերով խորհրդատուն է։