Հալէպի մէջ. Մարալ Տատաղլեան ընդ Աւօ Սաճոնեան ամուսնացեալք
Հակառակ տիրող դժուարին պայմաններուն Հալէպէն կրկին անգամ դրական լուրեր կը ստանանք։
Այս առումով ալ օրերս Սուրբ Պսակի խորհուրդին արժանացած են բնիկ հալէպցի հայրենակիցներ՝ Մարալ Տատաղլեանն ու Աւօ (Աւետիս) Սաճոնեանը։
Խաչեղաբայրութիւնը ստանձնած են նորապսակներուն սիրելի ամոլ՝ Տէր եւ Տիկին Մարտիկ Կիւլաղայեանը։
Նշենք, որ Սուրբ Պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հալէպի հայ կաթողիկէ Սուրբ երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ՛ ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու եւ բարեկամներու պատկառելի շրջանակի մը։
Մարալ Տատաղլեան, որ անդամ է նոյն եկեղեցւոյ դպրաց դասին, անդամ է նաեւ Հալէպի Համազգայինին ու երկար տարիներու աշխատանքային փորձ ունի Հալէպի ամենայայտնի տպարաններէն հանդիսացող՝ «Արեւելք» տպարանին։
Ի սրտէ մեր բարեմաղթութիւնները կը յղենք նորապսակ զոյգին, անոնց հարազատներուն եւ ի մասնաւորի Մարալի եղբօր Հալէպի Հայ Կաթողիկէ միաբաններէն՝ Հ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեանին։
Լուրը համադրեց՝ Arevelk.am-ը