image

Ժպիտ Համբարեան մուտք գործեց Իսթանպուլի պետական երաժշտանոց

Ժպիտ Համբարեան մուտք գործեց Իսթանպուլի պետական երաժշտանոց

Պոլսոյ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներէն Ժպիտ Համբարեան իրաւունք շահած է՝ Իսթանպուլի պետական երաժշտանոցը յաճախելու։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներէն Ժպիտ Համբարեան իրաւունք շահած է՝ Իսթանպուլի պետական երաժշտանոցը յաճախելու։ Ան յաջողութիւն արձանագրած է երկու փուլէ բաղկացեալ մուտքի քննութեան մէջ եւ այսպէսով յառաջիկայ տարիէն սկսեալ երաժշտանոցի լիսէի բաժինը յաճախել պիտի սկսի ամբողջական դասաժամերով։ Ժպիտ Համբարեանի այս նուաճումը մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն առթած է Թոփգաբուի ընտանիքին։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ժպիտ Համբարեանը, որուն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։