image

Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկած է Կազայի պատերազմի «Յաջորդ օր»ը

Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին հետ քննարկած է Կազայի պատերազմի  «Յաջորդ օր»ը

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը յունիս 24-ին Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկած է Կազայի մէջ հրադադարի հասնելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք Կազայի պատերազմի «Յաջորդ օր»ը՝ շրջանի կառավարումը: 

Հանդիպման մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Մեթիւ Միլլըր։

«Անոնք քննարկած են Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի հասնելու ուղղութեամբ նախաձեռնուող ջանքերը, որոնք պիտի ապահովեն բոլոր պատանդներու ազատ արձակումը եւ պիտի թեթեւցնեն պաղեստինցիներու տառապանքը:

Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է լրացուցիչ քայլեր ձեռնարկել Կազայի մէջ մարդասիրական կազմակերպութիւններու աշխատակիցներուն պաշտպանելու եւ Կազայի մէջ օգնութիւնը ՄԱԿ-ի հետ լիակատար համակարգմամբ բաշխելու համար», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ 

Պլինքըն Կալանթին ներկայացուցած է գործադրուող ջանքերն՝ ուղղուած յետպատերազմեան շրջանին Կազայի հատուածի անվտանգութեան, կառավարման եւ վերակառուցման, եւ շեշտած է «այդ աշխատանքի կարեւորութիւնը Իսրայէլի անվտանգութեան համար»։

Աարտաքին գործոց նախարարը Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ «ընդգծած է, որ կարեւոր է խուսափիլ հակամարտութեան հետագայ սրումէն եւ գտնել դիւանագիտական լուծում, որ թոյլ կու տայ իսրայէլացի եւ լիբանանցի ընտանիքներուն վերադառնալ իրենց տուներ»: