image

Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեան (Կենսագրական գիծեր)

Գերպ. Տ. Սահակ  ծ.վրդ. Եմիշեան (Կենսագրական գիծեր)

 

Օրերս,  ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ե­րես­փո­խա­նա­կան ար­տա­կարգ ժո­ղովին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Սահակ Ծ.Վրդ. Եմիշեան:

 

Ստորեւ   «Արեւելք» կը ներկայացնէ  Գերպ.  Տ.  Սա­հակ Ծ. Վրդ. Ե­մի­շեանի կենսագրական գիծերը։

Ծ­նած է 1983-ին, ­Հա­յաս­տան։ ­Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է ­Լու­սա­ռա­տի միջ­նա­կարգ դպրո­ցին մէջ։ 1997-ին կ’ըն­դու­նուի ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Դպ­րե­վանք, ­Պիք­ֆա­յա։

Դպրե­վան­քի ժա­ռան­գա­ւորց բաժ­նի հնգա­մեայ շրջա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, 5 ­Մա­յիս 2002-ին կը ձեռ­նադրուի կի­սա­սար­կա­ւագ, ձե­ռամբ Տ. ­Վար­դան Արք. ­Տէ­միր­ճեա­նի։ Ա­պա Ըն­ծա­յա­րա­նի երկ­րորդ կար­գի ա­ւար­տին, ­Մա­յիս 2004-ին կը ձեռ­նադ­րո­ւի սար­կա­ւագ, ձե­ռամբ Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի։ Դպ­րե­վան­քի Ըն­ծա­յա­րա­նի քա­ռա­մեայ շրջա­նին ա­ւար­տին, 14 ­Մա­յիս 2006-ին կը ձեռ­նադ­րո­ւի ա­բե­ղայ, ձե­ռամբ Տ. ­Վա­րու­ժան Արք. ­Հեր­կե­լեա­նի։ ­Դեկ­տեմ­բեր 2010-ին պաշտ­պա­նե­լով վար­դա­պե­տա­կան ա­ւար­տա­ճա­ռը, կը ստա­նայ ­Վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճան, ձե­ռամբ Տ. ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նի։ Իսկ 29 ­Մա­յիս 2016-ին, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն մէջ կը ստա­նայ ­Ծայ­րա­գոյն ­Վար­դա­պե­տու­թեան աս­տի­ճան, ձե­ռամբ Տ. Օ­շա­կան Արք. ­Չօ­լո­յեա­նի։

2006-2010 ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ­Մայ­րա­վան­քէն ներս ստանձ­նած է տար­բեր պաշ­տօն­ներ, ինչ­պէս Ար­խի­ւա­տան փոխ-տե­սուչ ա­պա տե­սուչ, Ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կի տե­սուչ եւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի հա­մա­խորհր­դա­տու։ ­Դա­սա­ւան­դած է Դպ­րե­վան­քի ժա­ռան­գա­ւո­րաց եւ ըն­ծա­յա­րա­նա­կան բա­ժին­նե­րուն, ինչպէս նաեւ Ան­թի­լիա­սի մէջ գոր­ծող ­Քա­հա­նա­յից Լ­սա­րա­նին։

2009-ին ­Լի­բա­նա­նի մէջ հե­տե­ւած է անգ­լե­րէն լե­զուի դասըն­թացք­նե­րուն American Language Center-ի մէջ։ 2010-ին կը նշա­նա­կո­ւի հո­վիւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քի։ 2011-ին ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րիս­տոս­տե­լեան ­Հա­մալ­սա­րա­նին (Aristotelian University) մէջ հե­տե­ւած է ար­դի ­Յու­նա­րէն լե­զո­ւի դա­սըն­թացք­նե­րուն։

2013-ին կը մեկ­նի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ եւ կը նշա­նա­կո­ւի հո­վիւ Ուս­թը­րի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ։ 2018-ին ­Պոս­թո­նի ­Հա­մալ­սա­րա­նէն (Boston College) կը ստա­նայ ­Մա­գիստ­րոս Աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան եւ ­Հո­վու­թեան վկա­յա­կա­նը (M.A.T.M.)։ 2021-էն ի վեր կը շա­րու­նա­կէ բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը ­Ֆորտ­համ հա­մալ­սա­րա­նի մէջ, (Fordham University) հե­տե­ւե­լով ­Փի­լի­սո­փա­յու­թեան ­Դոկ­տոր ծրագ­րին (Ph.D. in Administration and Leadership)։

2019-ին կը նշա­նա­կո­ւի հո­վիւ ­Նիւ ­Ճըր­զիի Սր­բոց ­Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ։ ­Նոյն տա­րին կը նշա­նա­կուի նաեւ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան ­Թե­մին, մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կե­լով սոյն պաշ­տօ­նը։