image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ.«Թռչնոց Բոյն»-ի Ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում

Լիբանանի մէջ.«Թռչնոց Բոյն»-ի Ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում

Ժըպէյլի մէջ, օրերս տեղի ունեցած են «Թռչնոց բոյն»-ի ամավերջի հանդէսը եւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխումը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն, որ այս մասին  մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի վարչութեան եւ մանկապարտէզի ու միջնակարգի ուսուցչական կազմին, ուրբաթ, 14 յունիս 2024-ին տեղի ունեցան «Թռչնոց բոյն»-ի ամավերջի հանդէսը եւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխումը:

Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց` թատրոն, երգ, պար, ասմունք եւ տեսահոլովակ, որ կ՛ամփոփէր «Թռչնոց բոյն»-ի առօրեան եւ բոլորած 2023-2024 տարեշրջանը:

Յայտագիրը տեղի ունեցաւ երկու փուլով, նախ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած երգախառն թատրոնի ներկայացում, ապա` գաղութիս սիրուած երգչուհիին` Լոռի Կիւլիւմեանի կողմէ տարբեր լեզուներով երգերու շարան:

Առաջին փուլը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որոնց յաջորդեց բացման խօսք, «Թռչնոց բոյն»-ի 100-ամեակի ձօնուած երգը եւ` վերջապէս, երգախառն թատրոնը, իսկ աւարտին ելոյթ ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի երգչախումբը:

Յայտագիրին աւարտին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխումը` ձեռամբ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանի, որ իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ «Պահպանիչ»-ով յայտագիրին առաջին փուլը փակեց: Ապա ընթացք առաւ երգահանդէսը:

Վարձքը կատար բոլորին, որոնք որեւէ ճիգ չխնայեցին այս յայտագիրին յաջողութեան համար: