Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է Գերմանիոյ ԱԳՆ-ն՝ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականի ֆութպոլիսթ Մերիհ Տեմիրալի ազգայնական «ժեսթ»ի հետ կապուած, որ ան ցոյց տուած է Գերմանիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի առաջնութեան 1/8-րդ եզրափակիչին՝ Աւստրիոյ հետ հանդիպման ժամանակ, յայտնած է Der Spiegel-ը:
«Այսօր մենք միջադէպը քննարկած ենք Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի հետ»,-ըսած է Գերմանիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչը՝ ի պատասխան dpa գործակալութեան խնդրանքին։
Ընդունող պետութեան արտաքին գործերու նախարարութիւն օտարերկրեայ դեսպանը կանչելը կը համարուի կոշտ դիւանագիտական միջոց, նկատած է աղբիւրը։
Նախօրէին Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն կանչած էր Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Գերմանիան մեղադրած էր «այլատյացութեան» համար։
Նախարարութիւնը յայտարարած էր «ԻՒԷՖԱ-ի կողմէ՝ իր մարզիկին հետաքննութեան անթոյլատրելիութեան մասին» եւ Գերմանիոյ իշխանութիւններու վերաբերումը անուանած է «քաղաքական դրդապատճառներով այլատեացութիւն»։
Նշենք, որ Տեմիրալ կրնայ որակազրկուիլ «Եւրօ-2024»-էն, քանի որ «Եու.Է.Էֆ.Ա.»ը ժեսթի պատճառով հետաքննութիւն սկսած է մարզիկի նկատմամբ:
Յիշեցնենք, որ երէկ Թուրքիա իր մօտ հրաւիրեց Գերմանիոյ դեսպանը` աւելի մօտէն «հասկնալու» համար եղածը:
Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Նանսի Ֆէյզըր պաշտօնական գանգատ ներկայացուցած էր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, որ պատժէ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան նշանը զոյգ ձեռքերով ցուցադրած Մերիհ Տեմիրալը. «Մեր դաշտերուն մէջ տեղ չունին թրքական աջակողմեան ծայրայեղութեան նշանները: Ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը օգտագործելը իբրեւ բեմ` ցեղապաշտութեան, ամբողջովին անընդունելի է», ըսած է Ֆէյզըր:
Գերմանիոյ գիւղատնտեսութեան նախարար Ճեմ Էօզտեմիր, որ ծագումով թուրք է, յայտնեց, որ Տեմիրալի ձեռքի շարժումը «աջ ծայրայեղական» է, եւ իմաստը ահաբեկչական ու ֆաշական է: