Սուրիան բարձր կը գնահատէ Հայաստանի կողմէ Պաղեստին Պետութեան ճանաչումը՝ ընդգծելով, որ որոշումը կը նպաստէ Պաղեստինի ժողովուրդի օրինական իրաւունքներու վերականգնման:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս յայտնած է SANA գործակալութիւնը, այս մասին ըսուած է Սուրիոյ Արտաքին գործերու եւ արտագաղթի հարցերով նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
«Սիրիան կը պնդէ, որ այս խիզախ որոշումը կը նպաստէ պաղեստինցիներու օրինական ձգտումներուն՝ հիմնելու իրենց անկախ պետութիւնը՝ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: