Պոլսոյ հայկական համայնքին համար ծանր կորուստ մը կը համարուի դեղագործ՝ Տօղան Սիւրմէլիի մահը։
Այս մասին վերահասու կը դառնանք Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ հանգուցեալին մասին պատմելով գրած է, թէ ան երբեք խտիր չէր դներ դեղատուն այցելողներուն միջեւ ու այդ պատճառով ալ կը համարուէր հարազատ մարդ եւ «խորհրդատու»։
Թերթը կարճ մահագրական մըն ալ գրած է այդ մասին, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Այսօր ալ լաւ լուր չունինք ընթերցողներուն։ Մահացած է «Ատա» դեղարանի սեփականատէր Տօղան Սիւրմէլի։
Ան Գուրթուլուշի բնակիչներու, նաեւ Գնալը կղզեցիներու համար հարազատ դէմքերէն մէկն էր, «Ատա» դեղարանի խորհրդանիշը։ Երկար տարիներ կը ծառայէր թաղեցիներուն .... առանց որեւէ խտիր դնելու անոնց միջեւ։ Քանի որ հայաշատ թաղի մէջ էր դեղարանը, ընդհանրապէս հայերուն հետ էր իր գործը։
Ո՛չ մէկը առանց «դարման» գտնելու դուրս կ'ելլէր «Ատա»էն։ Բոլորին կ'օգնէր իր խորհուրդներով։ Կիսով չափ բժիշկ էր արդէն եւ տարիներու փորձառութեամբ ո՛չ մէկուն հարցը անպատասխան կը թողուր։ Թէեւ վերջին տարիներուն, իր հաւատարիմ աշխատակիցները «դրօշակ»ը առած էին, բայց կը նստէր դեղարանի խորքը։ Իմաստուն մարդ էր, լա՛ւ դեղագործի համբաւով վստահութիւն կը ներշնչէր յաճախորդներուն։
Ան ալ իր մահկանացուն կնքեց եւ այսօր մարմինը հողին պիտի յանձնուի Չէքմէքէօյի «Թաշտէլէն Հաճը Եուսուֆ Ճէպիր» մզկիթի մէջ կատարուած յուղարկաւորութենէն ետք։