Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակի առիթով, որուն մէջ նշուած է.
«Կը շնորհաւորեմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ հայ ժողովուրդը։ Չնայած հսկայական ճնշման՝ Հայաստանի ժողովուրդը յստակօրէն ընտրած է ժողովրդավարութիւնն ու խաղաղութիւնը։
Ես անհամբեր կը սպասեմ մեր երկկողմ եւ եւրոպական համագործակցութեան հետագայ խորացման Հայաստանի հետ»։