image

Թրամփ, Մաքրոն եւ Զելենսքի քննարկած են ռուս-ուքրանական տագնապի կարգաւորումը

Թրամփ, Մաքրոն եւ Զելենսքի քննարկած են ռուս-ուքրանական տագնապի կարգաւորումը

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Վլատիմիր Զելենսքին, Ֆրանսայի մէջ ընթացող G7-ի վեհաժողովի շրջածիրէն ներս, եռակողմ հանդիպում ունեցած են ռուս-ուքրանական տագնապի կարգաւորման հարցին շուրջ։ Այս մասին հաղորդած է Kyiv Independent թերթը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։

Աւելի ուշ Թրամփ նշած է, որ հետագային կրկին հանդիպում պիտի ունենայ Զելենսքիի հետ։

«Մենք լաւ հանդիպում ունեցանք։ Աւելի ուշ դարձեալ պիտի հանդիպիմ անոր հետ։ Մենք իսկապէս շատ լաւ հանդիպում մը ունեցանք»,– ըսած է ան Քաթարի ամիր շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ հանդիպման ընթացքին։