image
Հրատապ լուրեր:

Գանատան մտադիր է ձերբակալել Նաթանիահուն

Գանատան մտադիր է ձերբակալել Նաթանիահուն

Գանատան կը յարգէ Հաակայի Միջազգային քրէական դատարանի ձերբակալման հրամանը եւ եթէ Նաթանիահուն ժամանէ Գանատա, ան պիտի ձերբակալուի, ըսած է Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնին:

Միջազգային քրէական դատարանը Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի, անոր գրասենեակի արդէն նախկին անդամ՝ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն վերջերս հրաժարական տուած Եոաւ Կալանթի, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի կողմէ ահաբեկչական կառոյց ճանչցուած «Հաշաս» խմբաւորման գլխաւոր հրամանատար Մոհամետ Տեյֆի ձերբակալութեան հրաման տուած է։

Միջազգային քրէական դատարանը կը պնդէ, որ հիմքեր ունի եզրայանգելու, որ Նաթանիահու-Կալանթ զոյգը քրէական պատասխանատւութիւն կը կրէ սովը որպէս զէնք կիրառելու, սպանութիւններու, հալածանքներու եւ այլ անմարդկային արարքներու համար։