Գանատան Եւրամիութեան խոստացած է 2027 թուականին մասնակցիլ Ուքրանիոյ ֆինանսաւորման, սակայն պատրաստ է յատկացնել առաւելագոյնը 500 միլիոն եւրօ։ Այս մասին յայտարարած են Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայէն եւ Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի։
Աւելի վաղ Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարած էր, որ ուքրանական հակամարտութեան համար եւրոպական ֆինանսաւորումը պիտի կազմէ 45 միլիառ եւրօ՝ Քիեւի պահանջած 70 միլիառ եւրոյին փոխարէն։