Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեանի գլխաւորութեամբ տօնախմբուած է Սուրբ Աստուածածնի տօնը։
Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած տեղեկութիւնը՝
Կիրակի, 10 Օգոստոս 2025-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Ուինիփէկի «St. Bernadette» Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան:
Իր քարոզին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ Իր բոլոր բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն համար: Ապա իր գնահատանքը յայտնեց Ուինիփէկի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, որոնք կը փորձեն համայնքը ի մի խմբել: Նաեւ ողջունեց ներկայ բոլոր հաւատացեալները:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ խաղողօրհնէք:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, հաւատացեալները առիթը ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ զրուցելու: