Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալած է Գամիշլիէն ժամանած ազգայիններու պատուիրակութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երկուշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Գամիշլիէն ժամանած ազգայիններու պատուիրակութիւնը։
Այցելուները զեկուցեցին Գամիշլիի մէջ իրենց տարած գործունէութիւններուն մասին եւ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը հայցեցին։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Ճեզիրէ շրջանէն ներս, մանաւանդ Գամիշլիի մէջ տարուած աշխատանքները եւ ուժ, կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։