image

«Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկ»ի պատուիրակութիւնը ստացած է Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ին օրհնութիւնը

«Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկ»ի պատուիրակութիւնը ստացած է Գերշ. Տ. Գեղամ արք.ին օրհնութիւնը

Օրերս, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունած է այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ նախագահ՝ Տոքթ. Տիկին Ֆրիտա Ճորտընի: 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի վարչութեան, գլխաւորութեամբ նախագահ՝ Տոքթ. Տիկին Ֆրիտա Ճորտընի: 

Այցելուները Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներու առիթով իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, միաժամանակ, զեկուցեցին իրենց նոր ձեռքբերումներուն ու իրագործած աշխատանքներուն մասին, ապա խնդրամատոյց եղան Սրբազան Հօր, որ ըստ ամէնամեայ աւանդութեան՝ իբրեւ աղօթքի օր որոշէ Կիրակի օր մը եւ իր պատգամին առընթեր, եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցէ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ՝ Ոսկրածուծի հիմնարկի ազգաշէն աշխատանքներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հետապնդած նպատակներուն մասին: 

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ գնահատեց Հիմնարկի պատասխանատուն, անդամներն ու կամաւոր ձեռքերը՝ ոսկրածուծի պատուաստմամբ մարդկային կեանքեր փրկելու առումով, ապա, յետ խորհրդակցութեան, աղօթքի օր որոշեց Կիրակի 15 Մարտ 2026-ը, վայրը՝ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: