image

Ներկայութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.ին Պաուա Ճէյն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառին

Ներկայութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք.ին Պաուա Ճէյն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. վեհափառին

Պրն. Ճէյն այցելեց Առաջնորդարան իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ Շաբաթ, 29 Օգոստոսին տեղի ունեցած համաժողովին իր պատգամը ղրկած էր, որ ընթերցուեցաւ Սրբազան Հօր կողմէ։

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝

Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց այցելութիւնը պրն. Պաուա Ճէյնի՝ հիմնադիրը Կրօնական Ղեկավարներու Համաշխարհային Խորհուրդին։

Պրն. Ճէյն այցելեց Առաջնորդարան իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ Շաբաթ, 29 Օգոստոսին տեղի ունեցած համաժողովին իր պատգամը ղրկած էր, որ ընթերցուեցաւ Սրբազան Հօր կողմէ։

Պրն. Ճէյնը, ջատագով ըլլալով համաշխարհային խաղաղութեան, իր պաշտօնի բերմամբ այցելած է համարեա բոլոր երկիրներու կրօնապետներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութեանց, համագործակցութեան եզրեր ստեղծելու համար։

Քանի մը տարի առաջ ան գտնուած ըլլալով Լիբանան, ջերմապէս հիւրընկալուած է սուրբ Աթոռիս գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, որուն ազդեցութեան տակ ան անկեղծ յարգանք կը տածէ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ առ հասարակ եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հանդէպ ի մասնաւորի։

Հանդիպումի աւարտին, պրն. Ճէյն Սրբազան Հօր նուիրեց ծաղկահիւս զարդարանք մը։