image

Գաղջ պատասխան. ֆրանսայի դեսպանատան արձագանգը իրենց դեսպանի Շուշի չայցելելու վերաբերեալ

Գաղջ պատասխան. ֆրանսայի դեսպանատան արձագանգը իրենց դեսպանի Շուշի չայցելելու վերաբերեալ

ԱՄՆ դեսպանութենէն ետք Ֆրանսայի դեսպանատունը պատասխանած է haqqin.az-ի խմբագրական խորհուրդի հարցմանն այն մասին, թէ ինչ շարժառիթներ եւ պատճառներ դրդած են Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Զաքարի Կրոսնը մերժելու Ատրպէյճանի կառավարութեան՝  երկրին մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ջոկատի ներկայացուցիչներու հետ Շուշի քաղաք մեկնելու հրաւէրը:

Յայտնի է, որ Ատրպէյճնի իշխանութիւններն անցած հանգստեան օրերուն շրջագայութիւն կազմակերպած էին օտարերկրեայ դեսպաններու համար դէպի Վարանտա (Ֆիզուլի) եւ Շուշի: Սական ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ ՌԴ-ի դեսպաններն անտեսած էին Ատրպէյճանի կառավարութեան հրաւէրը. ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու դիրքորոշումը հանրային ընդվզում առաջացուցած է Ատրպէյճանի մէջ:

«Դեսպանութիւնը չի մեկնաբաներ դեսպանի ժամանակացոյցը», - ըսուած է haqqin.az-ի խմբագրութեան Ֆրանսայի դեսպանատան պաշտօնական նամակին մէջ: Այսպիսով, ֆրանսացի դիւանագէտները Շուշիի մէջ իրենց դեսպանի բացակայութիւնը բացատրած են անոր աշխատանքային ժամանակացոյցով: