Ֆրանսայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Պրէթանի շրջանին մէջ, սաստիկ տաքին պատճառով փոխակերպիչի (թրանսֆորմաթոր) հետ կապուած միջադէպի հետեւանքով մօտ 68 հազար տուն մնացած է առանց ելեկտրականութեան։ Այս մասին յայտնած է Ֆինիսթէրի տեղական իշխանութիւնները։
«Ներկայիս ելեկտրականութեան անջատումը կը շարունակուի։ Նշեալ վարչական միաւորի հարաւ-արեւմուտքին մէջ մօտաւորապէս 68 հազար տուն տակաւին կը մնայ առանց ելեկտրականութեան։ Թեքնիք պատճառներով ելեկտրացանցերը կառավարող ընկերութիւնը՝ RTE-ն, այսօր պիտի չկարենայ վերականգնել տուներու ելեկտրամատակարարումը։ Միացումը պիտի կատարուի ոչ շուտ, քան այսօր՝ օրուան աւարտին», նշուած է իշխանութիւններու յայտարարութեան մէջ։
Ֆրանսայի մէջ չորեքշաբթի օր, սաստիկ տաքին պատճառով, կարմիր վտանգի մակարդակ կը գործէ 58 վարչական միաւորներու մէջ, իսկ նարնջագոյնը՝ (նախավերջին աստիճանը) 31-ի մէջ։ Աննախադէպ շոգին հետեւանքով, մօտ 10 հազար ուսումնական հաստատութիւններու աշխատանքը դադրեցուած է կամ անոնց ժամանակացոյցը փոփոխուած է, իսկ երկաթուղային փոխադրամիջոցներու երթեւեկութիւնը սահմանափակուած է։ Առնուազն 5 հոգի զոհուած է, իսկ եւս առնուազն 40 հոգի խեղդամահ եղած է ջրամբարներու մէջ, ինչ որ նոյնպէս կը կապուի շոգ եղանակի հետեւանքներուն հետ։