image

Ֆրանսայի շուրջ 400 դպրոց սպառնալիքներով հաղորդագրութիւններ ստացած է

Ֆրանսայի շուրջ 400 դպրոց սպառնալիքներով հաղորդագրութիւններ ստացած է

Անյայտ անձինք վերջին շաբթուան ընթացքին սպառնալիքներով հաղորդագրութիւններ ուղարկած են մօտ 400 ուսումնական հաստատութիւններ: Այս մասին BFMTV հեռուստաալիքի եթերին յայտարարած է Ֆրանսայի կրթութեան նախարար Նիքոլ Պելուպը։

«20 կրթական շրջաններու գրեթէ 400 ուսումնական հաստատութիւններ սպառնալիքներ ստացած են, սա շատ է եւ անընդունելի»,- ըսած է Պելուպը։

Ան նշած է, որ միայն անցեալ շաբաթ Փարիզի աւելի քան 150 դպրոցներ սպառնալիքներ ստացած են։