image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի ՆԳ նոր նախարարը Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին» մէջ է

Ֆրանսայի ՆԳ նոր նախարարը Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակին» մէջ է

Ֆրանսայի ներքին գործերու նորանշանակ նախարար Պրունօ Լը Ռուի անունը ընդգրկուած է անցանկալի անձանց՝ պաշտօնական Պաքուի ցուցակին մէջ, APA լրատուական գործակալության յայտնած է Ազրպէյճանի արտգործնախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւը:

Ան պարզաբանած է, որ Լը Ռուն որպէս Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր 2015-ի սեպտեմբերին «ապօրինի այց» կատարած է Լեռնային Ղարաբաղ:

APA-ն նշած է նաեւ, որ Ֆրանսայի ներքին գործերու նոր նախարարը Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան խումբի անդամ է:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի ՆԳ նախկին նախարար Պեռնար Գազնիովը, նշանակուած է վարչապետ՝ Մանուէլ Վալսի հրաժարականէն յետոյ: