Երէկ՝ փետրուար 9-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Գեղարքունիքի մարզին մէջ: Ժամը 23:15-ի սահմաններուն իրաւապահները տեղեկութիւններ ստացած են, որ Սեւան քաղաքի Նայիրեան փողոցին վրայ մեքենայ պայթած է եգ կայ տուժած քաղաքացի:
Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, մինչ կը ժամանէին ոստիկաններն ու փրկարարները, «Սեւան» բժշկական կեդրոնէն ահազանգ ստացուած է ոստիկանութեան Սեւանի բաժին, որ իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը:
Հիւանդանոց մեկնած ոստիկաններուն բժիշկները յայտնած են, որ վիրաւորը ի վիճակի չէ կատարուածի մասին բացատրութիւն տալու, քանի որ կը գտնուի վիրահատարանը ու անոր առաջին բուժօգնութիւնը ցուցաբերելէ ետք պիտի տեղափոխեն Երեւանի մասնագիտացուած հիւանդանոցներէն մէկը:
Ոստիկանները պարզած են, որ վիրաւորը Գեղարքունիքի մարզի բնակիչ 28-ամեայ Եուրի Կ.-ն է, որ հիւանդանոց տեղափոխուած է «թիկնային, գօտկային շրջաններու բազմակի բեկորային վնասուածքներ, թափանցող հարցականով» վնասուածքներ ախտորոշմամբ:
Դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերուած է «ՎԱԶ 21124» մակնիշի մեքենայ՝ ամբողջութեամբ վնասուած մեքենայի կողքին յայտնաբերուած են արնանման հետքեր, կոտրուած ապակիներ:
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ ժամը 23:00-ի սահմաններուն Նայիրեան 181/1 հասցէին վրայ գտնուող խանութի դիմաց Կարապետեանն իրեն պատկանող «Lada Priora» մակնիշի մեքենայի մէջ գտնուած է իր ծանօթի հետ։ Մեքենայի մէջ վիճաբանութիւն տեղի ունեցած է, որու ժամանակ ալ Կարապետեանը նռնակ վերցուցած ու սպառնացած է, որ կը պայթեցնէ: Մեքենային մէջ գտնուողը փորձած է իջնել մեքենայէն, Կարապետեանը փորձած է անոր բռնել, եւ այդ պահուն նռնակն ինկած է անոր ձեռքէն, մեքենայի մէջ գտնուող քաղաքացին ալ իրեն դուրս նետած է մեքենայէն, որմէ ետք տեղի ունեցած է պայթում, որու հետեւանքով Կարապետեանը տեղափոխուած է «Սեւան» բժշկական կեդրոն, որկէ ալ՝ Երեւան: