image

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարարը այցելած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահման

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարարը այցելած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահման

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան փոխնախարար Հիքմեթ Միրզոեւն այցելած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահման:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Միրզոեւ հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ ընդհանուր սպայակոյտի պետ Մեթին Կիւրակի եւ այլ հրամանատարներու հետ։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն ալ յայտնած են, որ ատրպէյճանցի զինուորականները մասնակցած են Թուրքիոյ յատուկ նշանակութեան ուժերու հրամանատարութեան հետ հանդիպման:

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ հետ պիտի մասնակցի Սուրիոյ վերականգնման: