Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսան պատրաստ է Հայաստանին զէնք տրամադրել

Ֆրանսան պատրաստ է Հայաստանին զէնք տրամադրել

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի Հանրապետութեան Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա յայտնած է, որ  Ֆրանսա իր համաձայնութիւնը տուած է Հայաստանի հետ  կնքելու ապագայ համաձայնագիր մը, որ կարելիութիւն պիտի տայ ռազմական սարքաւորումներ տրամադրել Հայաստանին՝ իր պաշտպանութիւնը ապահովելու համար:

Ան դիտել տուած է, որ այս բնագաւառին մէջ երկու կողմէ ալ շատ լուրջ պատասխանատուութեամբ կը գործեն, որպէսզի ցնցումներ չյառաջանան։ «Մենք կը գիտակցինք, որ Հայաստանի կողքին կայ այնպիսի դրացի երկիր մը, որ անընդհատ թշնամական գործողութիւններ կը կատարէ», յայտնած է Քոլոնա։

Ան նաեւ խօսած է Արցախի մասին՝ դիտել տալով, որ անոր բնակիչ հայերը ինքնակամ չհեռացան իրենց տուներէն, այլ եղածը բռնի տեղահանութիւն էր: Տեղի ունեցածը միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է, իսկական ոճիր է։

Քոլոնան շեշտած է, որ այս փաստին յստակ գնահատական տալը կարեւոր է, եւ աւելցուց, որ այդ սուտը ոչ ոք կը մոլորեցնէ:

«Մարդասիրական այս սարսափելի աղէտի լոյսին տակ, Ֆրանսա 12.5 միլիոն եուրոյի օգնութիւն յատկացուց Հայաստանին, որ պիտի տրամադրուի բռնի տեղահանուածներուն համար արժանապատիւ պայմաններու ապահովման: Ես կը խոստանամ, որ այդ օգնութիւնը ըլլայ շարունակական եւ դարձեալ տրամադրուի, եթէ պէտք ըլլայ», ըսած է Քոլոնա։