image

Ֆէյսպուք, Ուաթցափ եւ Ինսթակրամ... անզօր են

Ֆէյսպուք, Ուաթցափ  եւ Ինսթակրամ... անզօր են

Շարք մը երկիրներու մէջ երէկ՝ Երկուշաբթի խափանումներ տեղի ունեցած են Facebook-ի, Instagram-ի եւ WhatsApp-ի յաւելուածներուն մէջ: Այդ մասին կը վկայեն Downdetector ծառայութեան տուեալները, որ կը վերահսկէ յայտնի համացանցային միջոցներու աշխատանքը:

՝Նշենք, որ  խափանումէն ժամեր անց  ընկերային  հարթակի  ծառայութիւնները սկսան վերստին  բանիլ ու   մինչեւ  բնականոն վիճակի վերադառնալը  այդ ընկերութիւնները  կրեցին  գումարային մեծ վնասներ: