Շարք մը երկիրներու մէջ երէկ՝ Երկուշաբթի խափանումներ տեղի ունեցած են Facebook-ի, Instagram-ի եւ WhatsApp-ի յաւելուածներուն մէջ: Այդ մասին կը վկայեն Downdetector ծառայութեան տուեալները, որ կը վերահսկէ յայտնի համացանցային միջոցներու աշխատանքը:
՝Նշենք, որ խափանումէն ժամեր անց ընկերային հարթակի ծառայութիւնները սկսան վերստին բանիլ ու մինչեւ բնականոն վիճակի վերադառնալը այդ ընկերութիւնները կրեցին գումարային մեծ վնասներ: