Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանին կոչ կ'ընէ դադրեցնելու Ղարաբաղի մէջ հայոց պատմամշակութային կոթողներու եւ եկեղեցիներու աւերումը, եւ կը յիշեցնէ, թէ որեւէ կոթողի ոչնչացում կամ անոր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան աղաւաղում կը հակասէ Եւրոմիութեան սկզբունքներուն:
Եւրոխորհրդարանը քննարկած է ու 635 կողմ, 2 դէմ եւ 42 ձենպահ քուէներու յարաբերակցութեամբ ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման հարցով բանաձեւ:
Այն պարտադիր կատարման ուժ չունի: Հիմք առնելով նախապէս ընդունուած շարք մը բանաձեւեր եւ համազեկուցողներու` Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հարցերով յայտարարութիւններ, ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան մասին զեկոյցներ, ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու 2021 թուականի Նոյեմբեր 11-ի յայտարարութիւնը, Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումները, համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանման մասին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ուխտը եւ շարք մը միջազգային այլ փաստաթուղթեր, Եւրոխորհրդարանը կը նշէ, որ վերջին պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ յայտնուած է 1456 կոթող, մեծաւ մասամբ` հայկական:
Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանին կոչ կ'ընէ դադրեցնելու Ղարաբաղի մէջ հայոց պատմամշակութային կոթողներու եւ եկեղեցիներու աւերումը, եւ կը յիշեցնէ, թէ որեւէ կոթողի ոչնչացում կամ անոր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան աղաւաղում կը հակասէ Եւրոմիութեան սկզբունքներուն:
Եւրոխորհրդարանը Պաքուէն կը պահանջէ չխոչընդոտել իր հսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչներու մուտքը եւ երաշխաւորել անոնց անվտանգութիւնը: Եւրոխորհրդարանը Ատրպէյճանէն նաեւ կը պահանջէ վերականգնել բոլոր աւերուած կոթողները, իսկ Եւրոպական Միութեան կոչ կ'ընէ աշխուժօրէն մասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վտանգուած պատմամշակութեային ժառանգութիւնը պաշտպանելու գործին եւ ստեղծելու մեխանիզմներ, որոնք թոյլ կու տան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին փաստահաւաք խմբակ ուղարկելու շրջան: Այդ պահանջը ներկայացուցած է Ձախերու խումբէն իրլանտացի օրէնսդիր Միք Ուոլեսը:
Ամփոփելով քննարկումները` Եւրոպական Յանձնաժողովի փոխնախագահ, Չեխիան ներկայացնող իրաւաբան Վերա Իւրովան ըսած է, որ Եւրոխորհրդարանը պիտի շարունակէ երկու կողմերուն յորդորել անվերապահօրէն եւ ամբողջութեամբ պահպանել կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւնը: Անոր համար անհրաժեշտ է միջազգային առաքելութեան տալ իրավիճակը տեղւոյն վրայ գնահատելու հնարաւորութիւն, աշխատելու հակամարտութիւնը կարգաւորելու, առանցքային հարցերու շուրջ համագործակցելու եւ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու ուղղութեամբ:
Եւրոխորհրդարանը կ'ընդգծէ պատմամշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի վերջնական սահմանման առումով մօտենալու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ առումով Ատրպէյճանին կը յորդորէ հրաժարիլ առաւելապաշտական նպատակներէն: