Եթէ յառաջիկայ կիրակի օր խորհրդարական ընտրութիւններ ըլլային, հարցուած քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը ընտրութիւններու չէր մասնակցիր։ 4 Օգոստոսին հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ յայտնած է «GALLUP International association»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը։ Անոր խօսքով` քաղաքացիներուն հետեւեալ հարցը տուած են. «Ո՞ր կուսակցութեան կամ դաշինքի օգտին կը քուէարկէիք»։ Հարցուածներու 13,3 տոկոսը նշած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը։ Միւս տոկոսները բաշխուած են տասնեակէ աւելի կուսակցութիւններու ու դաշինքներու օգտին։
«Հայաստան» դաշինքին 3,8 տոկոս ձայն բաժին հասած է, «Բարգաւաճ Հայաստանին»՝ 1,8 տոկոս, «Պատիւ ունեմ»–ին՝ 1,5 տոկոս, Վարդան Ղուկասեանի («Տոկ») ղեկավարած «Հանրային ձայն» կուսակցութեան` 1,2 տոկոս, նոյն արդիւնքն է նաեւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան պարագային: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օգտին քուէարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած է հարցուածներու միայն 0,8 տոկոսը, «Քաղաքացու որոշում»-ին՝ 0,5 տոկոս, Հայ ազգային քոնկրեսին եւ «Սասնայ ծռեր»-ուն՝ 0,4 տոկոս, «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան՝ 0,3 տոկոս, «Լուսաւոր Հայաստան»-ին՝ 0,2 տոկոս, «5165»-ին` 0,1 տոկոս եւ այլն։
«Փորձել ենք ոչ մէկին չնեղացնել, եւ ստացուած թէկուզ նուազագոյն ցուցանիշները ներկայացրել ենք։ 36,3 տոկոսը նշել է, որ չի մասնակցի ընտրութիւններին, դժուարացել է պատասխանել 20,2 տոկոսը»,– նշած է Նաւասարդեան։
Թէ ինչպէս կ'ըլլայ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ կրկին, թէպէտ նուազագոյն, բայց ամենաշատ ձայները «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը հաւաքած է, Նաւասարդեանը նշած է` հարցուածներու շարքին կան նաեւ պետական ծառայողներ, ոստիկաններ եւ այլն։
«Եկէք չմոռանանք, որ հարցուածների շարքում կան ահռելի մեծ, ուռճացուած պետական ապարատի ծառայողները, որոնք, մենք գիտենք, հակուած են մշտապէս իշխող ուժին ձայն տալ կամ գոնէ ասել, որ տալու են, այստեղ կան ոստիկանական ուժերի, իրաւապահ մարմինների ներկայացուցիչներ, որոնք եւս փորձում են ձայնը տալ կամ ասել, որ տալու են «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեանը»,–ըսած է Նաւասարդեան։
Ան չէ բացառած, որ եթէ «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը չունենայ իշխանական լծակներ, գրեթէ հաւասար կամ աւելի պակաս ձայներ կը ստանայ, քան նշուած կուսակցութիւններու մէկ մասը։
Անոր խօսքով`յաջորդ շաբաթ պիտի ամփոփեն նաեւ աւագանիի ընտրութիւններուն թեկնածուներու վարկանիշները։