image

«Էս գիշեր ահաւոր ա իլալ»․ Խնածախի մէջ գիշերը դարձեալ կրակած են

«Էս գիշեր ահաւոր ա իլալ»․ Խնածախի մէջ գիշերը դարձեալ կրակած են

Այս գիշեր Սիւնիքի մարզի Խնածախ գիւղին մէջ գրեթէ անդադար կրակոցներ լսուած են։

«Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է գիւղի բնակիչներէն մէկը։

«Էս գիշեր ահաւոր ա իլալ, աւելի շատ են կրակել` մօտ 40 րոպյ` անընդմէջ։ Աւելի վատ ա իլալ, գիշերը չենք քնել։ Սկսել են գիւղի մէջ էլ խփել»,-ըսած է բնակիչը։

Ան յայտնած է, որ երէկ ալ մօտակայ դիրքերէն ատրպէյճանցիները հայհոյանքներ հնչեցուցած են ոչխարներ արածացնող հովիւներու հասցէին։

Անոր խօսքով՝ նախորդող գիշերները ատրպէյճանական կողմէն արձակուած կրակոցները նաեւ գիւղի ուղղութեամբ եղած են, ատոնք տուներու ու տարբեր շինութիւններու տանիքներուն դիպած են։