image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան-Պայտըն հեռախօսազրոյց

Էրտողան-Պայտըն հեռախօսազրոյց

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին քննարկած են Կազայի հատուածին մէջ ստեղծուած ճգնաժամի կարգաւորումը։ Այս մասին ըսուած է Թուրքիոյ առաջնորդի վարչակազմի տարածած մամուլի հաղորդագրութեան մէջ։

«Քննարկուած է Իսրայէլի յարձակումը պաղեստինեան հողերու, յատկապէս՝ Կազայի հատուածի վրայ, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներ։ Նախագահ Էրտողանը յայտարարած է, որ Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական ողբերգութիւնը պէտք է հնարաւորինս շուտ դադրեցուի եւ որ Միացեալ Նահանգներու՝ Իսրայէլին անվերապահ աջակցութեան ցուցաբերման դադրեցումը կրնայ ապահովել հրադադարի արագ հաստատում», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Էրտողանի կարծիքով՝ «Միացեալ Նահանգներու պատմական պատասխանատւութիւնն է հնարաւորինս շուտ ապահովել տարածաշրջանին մէջ մշտական հրադադարի հաստատումը»: