image

Էրտողան խօսած է Արցախէն «Հայաստանի զինուած տարրեր»ու դուրս բերման մասին

Էրտողան խօսած է Արցախէն «Հայաստանի զինուած տարրեր»ու դուրս բերման մասին

«Ատրպէյճանը հաւատարիմ է եռակողմ յայտարարութեան, անոր կողմէ որեւէ խախտման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը` անդրադառնալով Արցախի` Փառուխի եւ Քարագլխի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն:

Էրտողանի կարծիքով` «տեղի ունեցած է յարձակում Ատրպէյճանի վրայ, որուն հետեւած է պատասխան պաշտպանական գործողութիւն»:

«Եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ կարեւոր է ապահովել Հայաստանի զինուած տարրերու ամբողջական դուրսբերումը Ատրպէյճանի` միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներէն», ըսած է Էրտողան: