Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հանդիպած է Իրաքի վարչապետ Ալի ալ-Զայիտի հետ՝ քննարկելու Միացեալ Նահանգներ-Իրաք գործընկերութեան ապագան։ Այս մասին կը հաղորդէ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ պաշտօնեաները համաձայնած են, թէ «որքան կարեւոր է, որ Իրաքը կազմալուծէ զինուած ահաբեկչական խմբաւորումները, կանխէ իր տարածքէն իրագործուող յարձակումները եւ լիարժէքօրէն իրականացնէ իր ինքնիշխանութիւնը»։
Իրաքի վարչապետը The New York Times-ին տուած հարցազրոյցին մէջ վստահեցուցած է, որ իրաքեան զինուած խմբաւորումները լիովին զինաթափուած եւ լուծարուած պիտի ըլլան մինչեւ 2027 թուականը։
Ըստ ալ-Զայիտիի՝ Սեպտեմբեր 30-ին պիտի յայտարարուի զինաթափման նոր փուլային ծրագիր, որուն առաջին փուլը պիտի ըլլայ 90-օրեայ զինադուլը։ Ապա զինուած խմբաւորումները պէտք է սկսին զինաթափուիլ, գործընթաց մը, որ երկրի իշխանութիւններուն գնահատմամբ, պիտի աւարտի մինչեւ 2027 թուականի Յունիս 30-ը։
Իրաքի վարչապետը նաեւ նշած է, որ զինաթափումը անհրաժեշտ է «ուժեղ տնտեսութիւն» կառուցելու համար։