Քեսապահայ մտաւորական Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ ՝
Ուսումնառութեանս 1970-1973 տարիներուն ինչ մեծ կառոյցներ կը բարձրանային Երեւանի մէջ։ Մենք՝ սփիւռքահայ ուսանողներս, առիթ չէինք փախցներ կամաւոր աշխատանքի երթալու հոս ու հոն։
Առաջինը Հրազդան մարզադաշտն էր։ Դաշտի կառուցումը պէտք է շուտով աւարտէր։ Կամաւոր աշխատողներ պէտք է փութային հոն։ Ինչ մեծ խումբով՝ պարսկահայ, սուրիահայ, լիբանանահայ, ֆրանսահայ, պոլսահայ ուսանողներով կամաւոր շաբաթօրեակներ կազմակերպեցինք։ Մեր աւագն էր Գուրգէն Մելիքեանը։ Պազալտէ սրտատաշ քարերը թուղթի պէս թեթեւ կը թուէին մեզի։ Յետոյ վայելեցինք Արարատի յաղթանակը Գերմանիոյ դէմ։ 2015ին դատարանի որոշումով Հրազդան մարզադաշտը յայտարարուած է «սնանկ»։ Չեմ հասկնար, թէ ինչ է այս կարգավիճակը։ Մարզադաշտը հոն է՝ բաց դամբարանի մը պէս լքուած։
Երկրորդը Երիտասարդական պալատն էր։ Մենք ալ երիտասարդ էինք, ու անմասն չէինք ուզեր մնալ այնտեղ այնքան կարեւոր նկատուած կամաւոր աշխատանքներէն։ Զէյթունի եւ Նորքի հանրակացարաններէն կը փութայինք հոն եւս կաթիլ մը քրտինք թափելու։ Հայրենաշինութիւնը մեզ կը գինովցնէր։ 1979-ին կառոյցը աւարտած էր, նկարները տեսանք, ժողովուրդը «Կուկուրուզնիկ» անունով օծեր էր զայն։ Ուրախացանք մեր Երեւանով։ Ինչ էր տարօրինակ այս կառոյցին մէջ, որ 2005 թ. հոկտեմբերի 20-ի Երևանի քաղաքապետարանի քանդման N40 թույլտուութեամբ հիմնովին քանդուեցաւ, ու հիմա այնտեղ, Աբովեանի արձանի թիկունքին անհրապոյր հսկայ քարահանք մըն է։